image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք Բանակայիններ Զոհուած Քիւրտին Դիակը «Քաշքշած» Են

Թուրք   Բանակայիններ  Զոհուած  Քիւրտին  Դիակը «Քաշքշած» Են

 Թուրքիա- Թուրքիոյ մէջ ծանր սքաննտալ կը հասուննայ: Ընկերային ցանցերուն վրայ  հրապարակուած    է լուսանկար մը, ուր   թրքական բանակին պատկանող  զինուորական կառքի մը  ետին կապուած է դիակ մը եւ  կառքը շրջած է քաղաքով մէկ:  Ընկերային ցանցերուն վրայ սկիզբ առած քննարկումները կը շարունակուին եւ  ըստ «Հիւրիյէթ»ին   կառքի ետին կապուած   դիակը      «Շըրնաք»ի    պատգամաւորի     տագրն է եւ կը կոչուի ՝ Հաճի  Լոքման Պիրլիք:  Պիրլիք զոհուած է    թրքական ուժերուն եւ PKK-ի միջեւ կատարուած մարտերուն ընթացքին:  Նշենք, որ մինչ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու  կտրականապէս  հերքած է  եղելութիւնը  անդին  HDP  -ի ղեկավար Սալահէտին Տէմիրթաշ լրագրողներուն հետ     խօսելով  յայտարարած է, որ «շատ հաւանական է, որ նման դէպքեր կը կատարուին  երկրի տարբեր  շրջաններուն մէջ»: Ան նաեւ  ըսած է, որ  դէպքը ցոյց կու տայ  այն  բռնութիւնները , որ  կը կատարուին կարգ մը բանակայիններուն կողմէ, բայց  այդ չի նշանակեր,  որ  ամբողջ բանակը այս կերպով կը վարուին:   Տէմիրթաշ նաեւ  պահանջած է ներքին  գործոց  նախարար՝Սէլամի Ալթինոքի       արագ  հրաժարականը: Նշենք, որ   ըստ       տարբեր աղբիւրներ    յայտնած են, որ դէպքը  տեղը ունեցած է  Շըրնաքի մէջ: