image

Թշնամիի կողմէ առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են Մարտունիի ուղղութեամբ

Թշնամիի կողմէ առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են Մարտունիի ուղղութեամբ

Անցեալ գիշեր ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանի բոլոր  ուղղութիւններով հակառակորդը տարբեր հրաձգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը  խախտած է շուրջ 50 անգամ՝ հայ  դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց: Ազրպէյճանական զինուժի կողմէ առաւել շատ խախտումներ  արձանագրուած են արեւելեան (Մարտունի) հատուածին մէջ, որուն ուղղութեամբ արձակուած է մօտ 300 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկանանք ԼՂՀ ՊԲ պաշտօնական կայքէն:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: