Անգարա- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Թուրքիոյ ռազմական օդանաւերը, երկուշաբթի գիշեր օդային յարձակումներ գործած են հիւսիսային Իրաքի Հաքուրք շրջանին մէջ գտնուող PKK-ի դիրքերուն վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով որ այսօր Թուրքիոյ Սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, թէ յարձակումները իրականացած են երէկ գիշեր, Թուրքիոյ ժամով՝ 23:05 - 23:55 ժամանակահատուածին՝ հետախուզական տեղեկութիւններու գնահատումէն ետք: Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ օդուժի կողմէ թիրախաւորուած դիրքերը ոչնչացուած են եւ ներկայիս տեղի կ'ունենայ զոհերու եւ կազմակերպութեան կրած վնասներու քանակի գնահատումը: