image

Թրքական բաւական մեծ ստորաբաժանումներ այսօր կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ. Վահրամ Պօղոսեան

Թրքական բաւական մեծ ստորաբաժանումներ այսօր կը գտնուին Ատրպէյճանի  մէջ. Վահրամ  Պօղոսեան

Արդէն երրորդ օրն է, որ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն երկայնքով կը շարունակուին աշխոյժ մարտեր ընթանալ: Այս մասին այսօր՝ 30 սեպտեմբերին, ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:

Անոր խօսքով, ամբողջ գիշեր շփման գիծի ողջ երկայնքով աշխոյժ մարտեր ընթացած են, մասնաւորաէես աշխոյժ եղած են հւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւնները:

«Մեր միջազգային լրատուամիջոցներուն ներկայացնեմ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը որոշակի յաջողութիւններ ունեցած են միայն առաջին օրը: Արէեն 27-ի գիշերը ՊԲ-ն կրցած է վերականգնել կորսնցուցած դիրքերուն մեծ մասը, ունենալ որոշակի յառաջխաղացում, յաջողութիւններ, որոնք առայսօր կը պահպանուին: ՊԲ-ն կրնայ կասեցնել բոլոր յարձակողական գործողութիւնները, որոնք կ'իրականացնէ Ատրպէյճանի բանակը՝ թրքական զինուժի աջակցութեամբ: Երէկ արդէն Թուրքիոյ ՊՆ-ն յայտարարեց, որ պատրաստ են աւելի ուղիղ մասնակցութիւն ունենալու: Բայց մենք գիտենք, որ Ատրպէյճանի մէջ այսօր կը գտնուին թրքական զինուժի բաւականին մեծ ստորաբաժանումներ եւ անոնց աջակցութեամբ Ատրպէյճանը կը փորձէ յաջողութիւններ ունենալ:

Անցած գիշեր բոլոր յարձակողական գործողութիւնները ձախողած են: Այս պահուն Ատրպէյճանի բանակը ունի ռազմական սարքերու եւ զինուորական ուժի շատ մեծ կորուստներ»,-յայտարարած է ան: