image

Թրքական բանակը 17 զոհ ունեցած է Սուրիոյ մէջ

Թրքական բանակը 17 զոհ ունեցած է Սուրիոյ մէջ

Թուրքիոյ Զինուժը 14 զինծառայողներ կորսնցուցած է Սուրիոյ Ալ-Պապ քաղաքը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայիններու ազատագրման գործողութիւններու ժամանակ: ТАСС-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ ԶՈւ Գլխաւոր հրամանատարութենէն, կը գրէ Tert.am:

«Այսօր Ալ-Պապի երեք շրջաններուն մէջ յարձակումներ տեղի ունեցած են ականապատ մեքենաներու միջոցով: Մեր զինակից եղբայրներէն 10-ն զոհուած են: Նախնական տուեալներու համաձայն` 18 մարդ վիրաւորուած է, որոնցմէ 6-ը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին»,- յայտնած են թուրք զինուորականներ:

Աւելի շուտ ՌԴ ԶՈւ Գլխաւոր հրամանատարութիւնը յայտնած էր 3 զոհուած զինծառայողի մասին, որոնք կ'աջակցէին «Սուրիական ազատ բանակ» ընդդիմադիր զօրամիաւորման Դամասկոսի մէջ: Վերջին տուեալներու համաձայն` վիրաւորներէն եւս մէկը զոհուած է: Այսօր թրքական ուժերը Սուրիոյ մէջ ընդհանուր 14 զոհ ունեցած են:

Յիշեցնենք, որ թրքական զինուժը 24 օգոստոսէն սկսեալ մասնակցած է «Եփրատի վահան» ռազմական գործողութիւններուն, որոնք տեղի կ'ունենան Սուրիոյ հետ սահմանային շրջաններուն մէջ: