Սուրիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իրանի անվտանգութեան նախարար Մահմուտ Ալաուիի համաձայն, Իրանի յեղափոխութեան պահակախումբի «Երուսաղէմ ջոկատ»ի հրամանատար Քասէմ Սուլայմանին Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատին առաջարկած է իր ընտանիքը տեղափոխել Իրան, որպէսզի կարենայ ազատ մարտերը վարել, սակայն Ասատ մերժած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Ասատը Սուլայմանիին յայտնած է, թէ իր ընտանիքը «մնացած բոլոր սուրիական ընտանիքներուն նման, պիտի մնայ Դամասկոսի մէջ»: Աղբիւրի համաձայն, Ալուին նաեւ դիտել տուած է, որ «Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը» սկիզբ առած էր 2006-ի յուլիսին Իսրայէլի դէմ պայքարող Հըզպալլային՝ Դամասկոսի ցուցաբերած օժանդակութեան պատճառով: Ալուի նաեւ նշած է, որ եթէ Իրանը ահաբեկչութեան դէմ չպայքարի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ապա ան նոյն ահաբեկիչներուն պիտի հանդիպի իր երկրի արեւմտեան նահանգներուն մէջ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ «Սուրիական Ռաքքան այն վայրն է, ուր կը ծրագրաւորուին Իրանի դէմ հիւսուող դաւադրութիւննեը»,-աւելցնելով, որ «Տահէշ» բազմիցս ջանքեր գործադրած է ահաբեկչական խումբերը Իրան ուղարկելու: Այս առումով, ան բացայայտած է, որ վերջին շրջանին Իրան ուղարկուած բոլոր խմբակներու անդամները գերի ինկած կամ սպանուած են:
Այնուհետեւ, անդրադառնալով Թեհրանի իր դաշնակիցներուն հետ վարած յարաբերութիւններուն, Ալաուի ընդգծած է, որ իսլամական Իրանը «չի տկարանար իր դաշնակիցներու պաշտպանութեան մէջ», եւ այդ դաշնակիցները «այսօր աւելի զօրաւոր են, քան երբեւէ եւ օր ըստ օրէ նոր յաղթանակներ կ'արձանագրեն»: