Քրտական զինեալ ջոկատներու անդամ Ասիա Անդար զոհուած է Մընպէժ քաղաքին մօտ Տահէշի դէմ մղուած թէժ մարտերուն ընթացքին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը՝ հաղորդելով նաեւ, որ մինչեւ այս պահը քրտական ջոկատներ անոր սպաննութեան պաշտօնական լուրը չեն հրապարակած: Նշենք, որ Ասիա Անթար 22 տարեկան է եւ ծնած է Գամիշլի: Ան աշխարհառչակ դերասանուհիին նմանելուն համար կրած է «Քիւրտերու Անժէլինա Ժոլի» մակդիրը: Ասիկա եղած է անդամ կիներու իրաւունքները պաշտպանող խմբաւորումներու եւ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած՝ Գամիշլիի մէջ: