image

Տահէշ պատմական վայրեր կ'ոչնչացնէ Իրաքի մէջ

Տահէշ պատմական վայրեր կ'ոչնչացնէ Իրաքի մէջ

Իրաք- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- ՄԱԿ-ը չորեքշաբթի յայտարարած է,  որ արբանեակներու կողմէ Իրաքի մէջ առնուած պատկերներ կը հաստատեն Նապու տաճարի ոչնչացումը՝ «Տահէշ»ի կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ Նապու տաճարը 2800 տարուան պատմութիւն ունեցող հնագիտական Նեմրութ շրջանին մէկ մասնիկն է, որ կը գտնուի Իրաքի հիւսիսը: Աղբիւրի համաձայն, ՄԱԿ-ի վերապատրաստման եւ հետազօտութիւններու (UNITAR) ուսումնարանի աշխատակիցները համեմատելով եւ վերլուծելով արբանեակներու կողմէ յունուար 2016-ին եւ 3 յունիս 2016-ին առնուած նկարները, նկատած են, որ Նապու տաճարի գլխաւոր մուտքի բաժինը մեծ վնասներ կրած է:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ կազմակերպութիւնը  մայիսի կիսուն յայտարարած էր, որ ինք աւերած է իմաստութեան եւ գիրի  Աստծու տաճարը:  Ան տեսերիզ մը տարածած էր, ուր ցոյց կու տար իր վերջին յարձակումները, իրաքեան հնութիւններուն վրայ, նկարուած` տաճարին մօտ կանգնեցուած ցուցանակին կողքը, նախքան մեծ պայթումի մը տեղի ունենալը:

 Նշենք, որ ասորական քաղաքակրթութեան գանձերէն՝ Նեմրութի տաճարը, որ հիմնուած է մեր թուարկութենէն առաջ 13-րդ դարուն,  կը գտնուի Տիգրիս գետի մօտ, Մուսէլի հարաւ-արեւելեան կողմը, որ ներկայիս  դարձած է Իսլամական Պետութեան գլխաւոր կեդրոնը: