Մուսուլ-(«Շաֆաք Նիուզ»)- «Տահէշ»ի զինեալները սկսած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Մուսուլէն Իրաքի Նինուէ նահանգ տեղափոխել համակարգիչներն ու փաստաթուղթերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Շաֆաք Նիուզ»-ը, նշելով, որ զինեալները Մուսուլէն Սուրիոյ Ռաքքա քաղաք տեղափոխած են համակարգիչներ եւ զինեալներու եւ խմբաւորման կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու կատարման ծրագիրներու մասին տուեալներ պարունակող թղթածրարներ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ խմբաւորումը նաեւ փոխած է Մուսուլի մէջ քանի մը կեդրոններու վայրը, երբ Իրաքի եւ Միջազգային դաշինքի օդուժը ոչնչացուցած է խմբաւորման ականաւոր հրամանատարները: