Հալէպ- («Ալ-Մայատին»- Պէյրութ)- Քիւրտերու ղեկավարութեամբ գործող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Մընպեճ քաղաքի մուտքին գտնուող Քիթապ հրապարակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Մայատին», նշելով, որ Հալէպ նահանգի հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մընպեճի մէջ «Տահէշ»-ի էմիր Ապու Համզա Անսարին սպաննուած է, երբ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի օդանաւեր ռմբակոծած են իր գտնուած վայրը:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ամբողջական պաշարման տակ առած են քաղաքը եւ կը գտնուին անկէ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Քաղաքի ազատագրման գործողութեան կը մասնակցին Միջազգային դաշինքի ռմբաձիգներ, ինչպէս նաեւ բրիտանական, ամերիկեան, ֆրանսական եւ գերմանական ուժեր: