image

Սուրիոյ վերաշինութեան համար օժանդակութիւն պիտի չտրամադուի, եթէ ընդդիմութիւնն այնտեղ դերակատարութիւն չունենայ. Եւրամիութիւն

Սուրիոյ վերաշինութեան համար օժանդակութիւն պիտի չտրամադուի, եթէ ընդդիմութիւնն այնտեղ դերակատարութիւն չունենայ. Եւրամիութիւն

Եւրամիութեան անդամ 28 երկիրներու նախագահները համատեղ յայտարարութեան մը նախագիծը մշակած են, ըստ որուն, Եւրամիութիւնը կը հրաժարի նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել  Սուրիոյ վերաշինութեան համար, եթէ Մոսկուա եւ Դամասկոս յետագային առիթ չտան ընդդիմութեան՝ երկրին մէջ գործօն ներկայութիւն ունենալու, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ յիշեալ նախագիծը պիտի քննարկուի Եւրամիութեան անդամ պետութիւններու նախագահներու նիստի ընթացքին, որ պիտի գումարուի այսօր, Հինգշաբթի, Պրիւքսէլի մէջ:

Համատեղ յայտարարութեան նախագիծին մէջ գրուած է. «Եւրամիութիւնը Սուրիոյ վերաշինութեան համար նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ այն պահուն, երբ տեղի ունենայ քաղաքական հաստատ եւ վստահելի անցում»:

Յիշենք, որ մինչ օրս Եւրամիութիւնը ամենամեծ օժանդակութիւն տրամադրողն է Սուրիոյ, եւ ըստ Համաշխարհային դրամատան եւ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, Սուրիոյ վերաշինութիւնը միլիառներ կը պահանջէ, ինչը Ռուսիա չի կրնար առանձին իրագործել:

Այս առումով ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յայտարարած է. «Անհնար է Սուրիոյ օժանդակութիւն տրամադրել, եթէ այն տակաւին Ասատի իշխանութեան տակ է: Եւրամիութիւնն ու Ֆրանսան Ռուսիոյ համար գումար չեն վճարեր», աւելցնելով՝ «Սա մէկն է մեր միջոցներէն, որոնցմով կարելի է ճնշում բանեցնել Ռուսիոյ վրայ»:

Միաժամանակ Եւրամիութիւնը ակնարկած է, որ պիտի փորձէ հնարաւորինս ծանրացնել Դամասկոսի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները, սակայն չի պատրաստուիր որեւէ պատժամիջոց ձեռնարկել Ռուսիոյ դէմ՝ Սուրիոյ պատերազմի կապակցութեամբ: