Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Միջազգային դրամատունը չորեքշաբթի օր յայտարարած է Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան օտար արժոյթով պահուստներու փլուզման մասին, որու՝ նախքան պատերազմը ունեցած 20 պիլիար տոլարը նուազած է 700 միլիոն տոլարի: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ Միջազգային դրամատան «Mena Economic monitor» խորագիրը կրող յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ «Սուրիոյ արտահանման եւ պահուստի փլուզումը պատճառած է ազգային դրամի արժոյթի անկում»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ նոյնպէս անկում կ'ապրի նաւթի եկամուտը, որ 2011-ին կազմած էր 4,7 պիլիոն տոլար, մինչ 2015-ին նուազած էր՝ 0.14 պիլիոն տոլարի եւ «Իսլամական Պետութիւն» («Տահէշ») կազմակերպութիւնը ինք սկսած էր վերահսկել երկրի մէջ քարիւղի հորերուն մեծամասնութեան վրայ:
ՄԱԿ-ի գնահատմամբ, Սուրիոյ մէջ տնտեսական վիճակը, նախքան հակամարտութիւնները ունեցած պատկերին կարենալ հասցնելու համար հարկաւոր է 158 պիլիոն եւրոյի ներդնում կատարել երկրին մէջ: Մինչ սուրիական քաղաքականութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի հաղորդմամբ Միջազգային դրամատունը յայտնած է, որ ցարդ միայն ենթակառուցուածքներու ոչնչացման վնասի արժէքը կը կազմէ 75 պիլիոն տոլար: