image

Սուրիացի երեխաներու մօտ անձնասպանութեան դէպքեր կը գրանցուին. Save The Children

Սուրիացի երեխաներու մօտ անձնասպանութեան դէպքեր կը գրանցուին. Save The Children

Սուրիոյ պատերազմը, երեխաներուն պատճառած մշտական տառապանքին հետեւանքով՝ կորսուած սերունդ մը պիտի ձգէ իր ետին: Այս մասին իր զեկոյցին մէջ գրած է «Save The Children» միջազգային կազմակերպութիւնը, ամփոփելով 450-է աւելի երեխաներու եւ երիտասարդներու հետ կատարած հարցազրոյցներու արդիւքները: Հարցազրոյցի մասնակիցները բարձր մակարդակի սթրէսէ տառապող երեխաները եղած են, որոնց մօտ ակնյայտ է ակամայ միզելու եւ խօսքի դժուարութեան երեւոյթներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նուազագոյն 3 միլիոն սուրիացի երեխայ կ'ապրին պատերազմական գօտի հանդիսացած շրջաններու մէջ եւ ամենօրեայ դրութեամբ ռմբակոծութիւններու եւ հրթիռներու զոհ կը դառնան, արդէն իր 7-րդ տարին բոլորող պատերազմին հետեւանքով:

Պատերազմի ազդեցութիւնը՝ երեխաներու հոգեկան առողջութեան վրայ նիւթին նուիրուած «Անտեսանելի վէրքեր» խորագրով զեկոյցին մէջ կազմակերպութիւնը ընդգծած է, որ «պատերազմէն վեց տարի անց, մենք կը գտնուինք անկիւնադարձային կէտի առջեւ», աւելցնելով, որ «ծանր լարուածութեան եւ հոգեկան ցնցումներու հետեւանքով քանդուած եւ կորսուած սերունդի գոյութիւնը այսքան չափազանց ծաւալ չէր ունեցած»: Հարցազրոյցի մասնակցած երեխաներու կէսին համաձայն, ընտանեկան բռնութեան դէպքերը աճ արձանագրած են. իւրաքանչիւր չորս երեխաներէն մէկը անպայման նշած  է վախցած ըլլալու պարագային՝ տեղ մը դիմելու կամ մէկու մը պատմելու հնարաւորութեան բացակայ ըլլալու փաստը:

«Save The Children»-ի Սուրիոյ տնօրէն Սոնիա Խոշ յայտնած է, որ անձնասպանութեան կամ ինքզինք վնասելու փորձեր յաճախ գրանցուած են անոնց մօտ: «Անցած ամիսներուն շրջափակուած Մատաիա քաղաքին մէջ 6 դեռահասներ, որոնց շարքին 12 տարեկան աղջիկ մը, անձնասպանութեան փորձ կատարած են»,- ըսած է ան:

Զեկոյցի մէջ մէջբերուած է Մատաիայի դպրոցներէն մէկուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչին խօսքը, ուր կըսէ. «Մատաիայի երեխաները հոգեպէս քանդուած են եւ սպառած, անոնք մորթուած երեխաներ եւ թանկեր կը նկարեն, շրջափակուած են եւ սնունդի պակասէ կը տառապին»:

Այլ ուսուցիչ մը նշած է, որ երեխաներէն շատեր կ'երազեն մեռնիլ, որպէսզի դրախտ երթան եւ ջերմութիւն զգան, կարենան ուտել ու խաղալ»: