Սուրիոյ կառավարութիւնը այսօր, 6 Դեկտեմբերին, յայտնած է, որ կը հրաժարի Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ զինադադար յայտարարելէ՝ մինչեւ բոլոր զինեալներուն այդ թաղամասերէն դուրս գալը: Այս մասին հաղորդած է «Ալ Քուտս» լրատուական կայքը:
Ըստ աղբիւրին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Հալէպի մէջ ռուսական դաշտային հիւանդանոցի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ենթակայ արեւմտեան թաղամասերու հրթիռակոծումը՝ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Սուրիա կը հրաժարի ենթարկուիլ որեւէ կողմի հնչեցուցած զինադադարի կոչերուն՝ նպատակ ունենալով Հալէպի արեւելեան շրջաններու բնակչութիւնը փրկել ահաբեկիչներու վայրագ ոտնձգութիւններէն, խոստանալով, որ այդ նպատակին հասնելու համար ոչ մէկ ջանք պիտի խնայէ: