Երեւանի կեդրոնական Անի պանդոկին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի Շրջանի 10-րդ համագումարի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի գիրը ընթերցեց Վարչութեան անդամ Ընկ. Գէորգ Պերկուպերկեանը: ՙԲոլորիս ծանօթ են այն պայմանները, որոնց բովէն անցնելով Մայր Կուսակցութեան Հայաստանի Մարմինը կարողացաւ թափահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ որպէս ուխտապահ կազմակերպութիւն շարունակել իր առաքելութիւնը: Այսօր հպարտառիթ երեւոյթ է Հայաստանի մեր շարքին մէջ տեսնել երիտասարդներու նոր փաղանգ մը, որ պատրաստ է յառաջիկայ բոլոր մարտահրաւէրները վերցնել: Կ'ապրինք դժուարին ժամանակներ. մեր երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը իր ծանր եւ անկանխատեսելի հետեւանքները կ'ունենայ նաեւ գաղափարական ըմբռնում կրող հասարակութեան վրայ: Մենք եւս որպէս 128-ամեայ կուսակցութիւն կարիք ունինք վերանորոգման եւ ներկայ արժէհամակարգին մէջ անպայամանօրէն պէտք է լոյսին տանք այն համոզումները, որոնք երկար տարիներ յաջողած են մեր կուսակցութիւնը պահել կուռ եւ իտէալական: Այս առումով մեր թելադրանքն է բոլորին, բոլոր հնարաւոր միջոցները ծառայեցնել մեր շարքի որակաւորման եւ նոր մտաւոր ներուժի ապահովման ի խնդիր՚, ըսաւ Ընկ. Պերկուպերկեան: Իսկ ՍԴՀԿ Հայաստանի շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Ընկ. Նարեկ Գալստեան իր խօսքին մէջ չբացառեց, որ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զարգացումները նաեւ ազդեն Հայաստանի վրայ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի առջեւ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակայելու համար անհրաժեշտ են համակարգային փոփոխութիւններ: ՙԽորհրդարանական կառավարման համակարգը մէկ քայլ առաջ է: ՍԴՀԿ այո պիտի ըսէ նոր սահմանադրութեան՚, ըսաւ Ընկ. Գալստեան:
Հանդիսութեան ընթացքին Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան ընթերցեց ողջոյնի խօսք մը` Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմնի անունով: Ընթերցուեցան նաեւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան ողջոյնի խօսքերը:
Նշենք, որ համագումարի աշխատանքները կը կայանան ներկայութեամբ Վանաձորէն, Կապանէն, Արտաշատէն, Էջմիածնէն, Մասիսէն, Երեւանէն եւ Մեղրիէն ընտրուած պատգամաւորներու: Դռնփակ նիստերը պիտի շարունակուին քանի մը օր: Անոնց ընթացքին պիտի մշակուին կուսակցութեան քաղաքականութիւնները: