Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովա, երէկ, 27 դեկտեմբերին, իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Արեւմուտքի կողմէ Ռուսիոյ ուղղուած սպառնալիքներուն ըսած է. «Դժբախտաբար սպառնալիքներ կը ստանանք ոչ միայն ահաբեկիչներու, այլ մեր քաղաքակիրթ գործընկերներու կողմէ, այդ շարքին՝ դիւանագէտներ եւ տարբեր երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, բազմիցս փորձած են մեզ վախցնել», կը գրէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:
Այդ առումով Զախարովա քանի մը օրինակներով յիշած է Արեւմուտքի ղեկավարներու կողմէ հնչած սպառնալիքներ, որոնցմէ մին՝ Ճոն Քերիի յայտարարութիւնը, թէ՝ «Եթէ Ռուսիա շարունակէ իր զինուորներն ուղարկել Սուրիա, զանոնք դագաղներու մէջ պիտի վերադարձնենք իրենց ծննդավայր»:
Շարունակելով իր խօսքը Զախարովա յիշած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտի խօսքը՝ Գերմանիոյ մէջ, երբ կոչ ուղղած էր Պերլինի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան դիմաց վերջինիս վարած քաղաքականութեան դէմ ցոյցեր կազմակերպելու:
«Արդեօք ո՞վ էր, որ կը սնուցէր այն ատելութիւնը, որ ի վերջոյ պատճառ դարձաւ Անգարայի մէջ ռուս դեսպանի սպանութեան: Անոնք բոլորն ալ քաղաքակիրթ մարդիկ էին», աւելցուցած է Զախարովա: