Ռուսիա-(«Ալ-Տիար»-Պէյրութ)-Նախքան սուրիական բանակցութիւնները վերսկսելու համար 17 մայիսին կայանալիք Սուրիոյ աջակցութեան խումբի հանդիպումը, Ռուսաստանը շեշտած է իր դիրքորոշումը՝ Սուրիոյ քիւրտերու Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակցութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հաստատած էր, թէ կարելի չէ խօսել Սուրիոյ ապագայի մասին՝ առանց քիւրտերու մասնակցութեան, զայն բնութագրելով որպէս քաղաքական ու ռազմական կարեւոր ուժ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Կենատի Կաթիլովը յայտարարած է, որ Մոսկուան կը յուսայ, որ Սուրիոյ աջակցութեան խմբակի հանդիպումը արդիւնաւետ ըլլայ, աւելցնելով, որ ռուսական կողմը պիտի կեդրոնանայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ թրքական-սուրիական սահմաններու փակման անհրաժեշտութեան շուրջ: Ան նաեւ նշած է, որ Ժընեւի մէջ սուրիական բանակցութիւններու վերսկսման ժամկէտը պիտի որոշուի, Սուրիոյ աջակցութեան խումբի Վիէննայի հանդիպումէն ետք, ընդգծելով, որ Մոսկուան կոչ կ'ընէ ուղղակի բանակցութիւններ կատարել Սուրիական կողմերու միջեւ, նոյնիսկ եթէ ներկայ պայմանները տակաւին չեն ներէր: