image

Ռուսաստանն ու Թուրքիան Հալէպի մէջ խաղաղութեան հաստատման համաձայնագիր կնքած են. Guardian

Ռուսաստանն ու Թուրքիան Հալէպի մէջ խաղաղութեան հաստատման համաձայնագիր կնքած են. Guardian

Ռուսաստանն ու Թուրքիան Արեւելեան Հալէպէն խաղաղ բնակչութեան եւ զինուած ընդդիմութեան տարհանման համաձայնագիր կնքած են: Այդ մասին tert.am-ի համաձայն, կը հաղորդէ The Guardian-ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ, Հալէպի արեւելեան թաղամասերուն մէջ ապրող մարդիկ փրկութեան հնարաւորութիւն կ'ունենան:

Ըստ պարբերականի տուեալներուն՝ թրքական հետախուզութեան եւ ռուսական զինուորականներու միջեւ ստեղծուած համաձայնութիւնը կը ներառէ Հալէպի մէջ կրակի դադարեցում, որ ուժի մէջ է մտած է տեղական ժամանակով 18.00-ին:
Նշենք, որ Անգարան ու Մոսկուան կ'երաշխաւորեն համաձայնագրի կատարումը, ինչը թոյլ կու տայ տեղի բնակիչներուն եւ չափաւոր ընդդիմութեան մարտիկներուն հեռանալ Իտլիպ շրջան: