Ռուսական Տումայի անդամ՝ Լիօնիտ Քալաշնիքով յայտնած է, թէ ռուսական Չէչէնիայէն յատուկ ուժերու Սուրիա ուղորդելը եղած է տարբեր նկատառումներով, որոնց առաջինը կը նկատուի այդ ուժերուն ունեցած ռազմական կարողութիւնն ու սուրիական կլիմային ու մթնորլորտին ընտելանալու ունակութիւնը: «Russia Today» նշած է, թէ Սուրիա ուղարկելիք՝ Ռուսիոյ հարաւը Չէչէնական հողերու վրայ տեղակայուած Արեւելք եւ Արեւմուտք գումարտակները, պատերազմական մեծ փորձառութիւն ունին, եւ 2008-ին Վրաստանի խաղաղութեան գործընթացին մէջ մեծ դեր կատարած են:
Յիշեցնենք, որ ռուսական ռազմական հրամանատարութիւնը անոնց վստահած էր ռուսական ճարտարապետական ուժերու պաշտպանութիւնը, երբ կայուն եւ շարժուն կամուրջներ կը կառուցէին Լիբանանի մէջ, յետ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին: Նոյն խումբին վստահուած էր նաեւ Չէչէնիոյ լեռնային տարածաշրջաններու թաքստոցները մաքրելուայն յատուկ գործողութիւնները, որ շատ նման է Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Հմէյհէմ ռուսական ռազմակայանին:
Նշենք, որ 2003-ին, ռուսական պատկան մարմինները սկսած են կազմել Արեւելք եւ Արեւմուտք գումարտակները, որոնց մաս կը կազմէին ազգութեամբ չէչէն զինուորներն ու սպաները: Սակայն, ժամանակ մը վերջ, անոնք միացան Չէչէնական յատուկ ուժերուն, որ կ’ընդգրկէ Ռուսիոյ հպատակ զանազան ազգութիւններու պատկանող զինուորականներ: