image

Ռուսական «Պի.Էմ.Փի.» հետեւակներու Ազրպէյճանին մատակարարումը յետաձգուած է

Ռուսական «Պի.Էմ.Փի.» հետեւակներու Ազրպէյճանին մատակարարումը յետաձգուած է

Ազրպէյճանի գնած ռուսական «Պի.Էմ.Փի.» հետեւակներու մարտական փոխադրակառքերուն մատակարարումները յետաձգուած են մինչեւ 2017ի վերջը կամ 2018ի սկիզբը, նիւթական փոխանցումներու հետ կապուած խնդիրներու պատճառով. այս մասին կը հաղորդեն ռուսական լրատուական աղբիւրներ։

«Պի.Էմ.Փի.»ներ արտադրող ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Ալեքսէյ Լոսեւ աւելի ուշ հաստատած է այս տեղեկութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ վճարումներուն հետ կապուած դժուարութիւնները կը հարթուին մօտիկ ապագային։

Նշենք, որ ըստ 2010ի համաձայնագիրին՝ մատակարարումները պէտք է աւարտէին այս տարուան վերջաւորութեան։ Ըստ փորձագէտներու գնահատումին՝ համաձայնագիրի ծրարին ընդհանուր արժէքը 1 միլիառ տոլար է։