Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին գլխաւոր կազմակերպիչը Թուրքիոյ իշխանութիւններու պնդումով կը հանդիսանայ ամերիկաբնակ «Կիւլէնական շարժման» առաջնորդ Ֆէթհուլլա Կիւլէնը: Ան Էրտողանի թիւ մէկ թշնամին է եւ Էրտողան կը պնդէ անոր Թուրքիա վերադարձը եւ ձերբակալումը: Աս խնդրին շուրջ իր տեսակետը յայտնած է Ռուսիոյ Պետական Տումայի երեսփոխան եւ կրթութեան յանձնաժողովին ղեկավար Վյաչեսլավ Նիկոնով, որ ըսած է, թէ ԱՄՆ երբեք չի յանձներ Ֆեթուլլահ Կիւլէնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որովհետեւ ան գործակալ է եւ կ’աշխատի Ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններուն (CIA) համար: