Ֆրանսա- («Լը Ֆիկարօ»- Փարիզ) Ֆրանսայի Րուան քաղաքին մէջ պատահած ահաբեկչութեան ընթացքին քաղաքի եկեղեցին գրոհած երկու զինեալները մորթած են պատանդ առնուած քահանան: Այս մասին լուր հաղորդող աղբիւրներ կը յայտնեն, որ պատանդ առնուած էին վեց անձեր, որոնց մէջ քահանայ մը եւ երկու մայրապետներ: Ոստիկանական մասնայատուկ ուժեր յաջոխած են փրկել բոլոր պատանդները եւ սպաննել երկու ահաբեկիչները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ծանր պայմաններու տակ սպաննուած քահանան շրջանի հոգեւոր հովիւն էր: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կիսատ թողելով, իր աշխատանքները փութացած է դէպքի վայր: Անցնող շաբաթներու ֆրանսական Նիս քաղաքը եւս դարձած էր ահաբեկչութեան թատերաբեմ, ուր 80-է աւելի քաղաքացիներ սպաննուած էին: