Թուրքիոյ վարչապետ Մեւլութ Չաւուշօղլու Քերիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Թուրքիա տեղեակ է, թէ ո'վ կանգնած է Անգարայի մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Քարլովի դէմ գործուած ոճիրի յետին, այն F.I.T.U.-ն է», որ, ըստ «Անատոլու» գործակալութեան, Կիւլէնի ցանցին կրճատ անուանումն է:
Իր հերթին, ԱՄՆ բնակող Կիւլէն երկուշաբթի երեկոյեան յայտնած էր, որ «շատ ցնցուած ու տխուր է», դեսպանի մահուան պատճառով, սպանութեան արարքը որակելով որպէս «ստոր արարք»:
Այս առթիւ, երէկ՝ երեքշաբթի, խումբ մը ռուս քննիչներ հասած են Անգարա՝ մասնակցելու համար դեսպանի սպանութեան հանգամանքները բացայայտելու ուղղութեամբ տարուած քննչական աշխատանքներուն:
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Լավրով յայտարարած է, որ 18 հոգիէ բաղկացած ռուս քննչական մարմնի ներկայացուցիչներէ եւ դիւանագէտներէ կազմուած խումբ մը հասած է Անգարա:
Յիշենք նաեւ, որ թրքական իրաւասու մարմինները երկուշաբթի օր վեց անց ձերբակալած էին, որպէս կասկածեալներ:
Իր հերթին, Քրեմլինի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Բեսքով յայտարարած է, որ Անգարա ժամանած խումբը պիտի մասնակցի քննչական գործողութիւններուն՝ ըստ այն համաձայնութեան, որ կայացած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազտոյցի ընթացքին:
Նշուած է, որ Փութին հրամայած է անվտանգութեան մարմիններուն առաւել խստաուած ռեժիմով աշխատիլ՝ թէ' Ռուսիոյ մէջ եւ թէ այլ երկիրներու մէջ: