image
Հրատապ լուրեր:

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումի Համանախագահները Կոչ Ըրած Են Օպամային Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումի Համանախագահները Կոչ Ըրած Են Օպամային Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները

Ուաշինկթըն.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Ռապըրթ Տոլտ Հինգշաբթի, Ապրիլ 7ին կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ խստօրէն եւ յստակօրէն դատապարտէ հայկական թիրախներու վրայ Ատրպէյճանի բանակին վերջին յարձակումները եւ ազրպէյճանական ուժերու բռնարարքները, միաժամանակ պահանջելով անկէ, որ անմիջապէս կասեցնէ Ազրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները։

Իրենց նամակին մէջ, Փալոն եւ Տոլտ նաեւ կոչ կ՛ընեն վարչակարգին, որ անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրէ ազրպէյճանական յարձակումներէն տուժած Արցախի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին տակ գործող յատուկ քննիչ մարմին մը ղրկէ տարածաշրջան՝ բացայայտելու համար յարձակումին պատասխանատուները եւ արժեւորելու համար շրջանին կրած վնասները, որպէսզի կարելի ըլլայ վերակառուցման օժանդակութիւններ տրամադրել։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի եւ Տոլտի սոյն նամակը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ազրպէյճանական ուժերու բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւններ կատարած հետեւեալ քոնկրեսականներուն՝ Մարք Քըրքի, Ճուտի Չուի, Տէյվիտ Սիսիլինի, Ճիմ Քոսթայի, Կրէյս Նափոլիթանոյի, Տեւըն Նունիէզի, Լինտա Սանչեզի, Էտըմ Շիֆի, Պրետ Շըրմընի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի։

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ