Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած հայազգի մտաւորական Սեւան Նշանեան դատավարութեան նիստը դարձեալ յետաձգուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Նշանեանի դատավարութեան ընդհանուր դատախազը փոխուած է: Նշանեանի դատական նիստը պիտի կայացուի 27 ապրիլ 2017-ին: Սեւան Նշանեան 35-րդ ամիսն ըլլալով կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, իսկ անոր բանտարկութեան անտեղի վճիռը կապ ունի իր հիմնադրած Շիրինճէ հովոցին մէջ «ապօրինի շինարարութիւններ» ընելուն հետ: