Թուիթըրեան «Քաշքուլ» էջը գրառում մը հրապարակելով յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սըլմանի թագադրումը շատ մօտ է, շեշտելով, որ ան մտադիր է թագաւորական գահ բարձրանալ նախքան իր յառաջիկայ այցը ԱՄՆ:
Մանրամասնելով տեղեկութիւնը «Քաշքուլ» նշած է, որ Պըն Սըլմանի թագադրութիւնը պայմանաւորուած է երկու այցով. առաջինը՝ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին ԱՄՆ կատարելիք այցը, ուր կը ցանկայ մեկնիլ որպէս թագաւոր, երկրորդը՝ ԱՄՆ-Ծոցի երկիրներ համագումարն է, որ նախատեսուած է կազմակերպել երեք ամիս անց: