image

Պոլսոյ Պողազիչի կամուրջը յետ այսու պիտի կոչուի «15 Յուլիսի նահատակներու կամուրջ»

Պոլսոյ Պողազիչի կամուրջը  յետ այսու պիտի  կոչուի   «15  Յուլիսի    նահատակներու կամուրջ»

Ըստ   «Անատոլու» լրատուական  գործակալութեան Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի  Եըլտըրմ  նախարարներու  խորհուրդի ժողովէն ետք շարք մը յայտարարութիւններ ըրած է: Մասնաւորապէս ան խօսած է Պոլսոյ Պողազիչի կամուրջին անուանափոխութեան վերաբերեալ` նշելով, որ յեղաշրջման փորձը իրականացնողներու առաջին թիրախ եւ քաղաքացիներու նահատակման վայր հանդիսացող կամուրջը յետայսու  պիտի կրէ «15 Յուլիսի նահատակներու կամուրջ» անուանումը:Եըլտըրըմ խօսած է նաեւ իշխանական համակարգին անխափան գործունեութիւնը ապահովելու յամար անհրաժեշտ սահմանադրական փոքր ծաւալի փոփոխութիւններու մասին` նշելով, որ նախապատրաստական աշխատանքները միասնական ուժերով պէտք է  կատարուին: Ան ընդգծած է նաեւ, որ ամբողջապէս նոր սահմանադրութեան մշակումը  պէտք է ըլլայ բոլոր կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ  եւ անցեալին  կիսատ թողնուած  այս գործընթացը նոյնպէս պէտք է շարունակուի:   

Իր յայտարարութեան մէջ վարչապետը անդրադարձ կատարած է նաեւ շարք մը համակարգային փոփոխութիւններու վերաբերեալ :  Այդ փոփոխութիւններէն մէկն ալ  պիտի ըլլայ   թրքական  «Ժանտարմա»ի   եւ «Ծովափնեայ ուժեր»ու    յետ այսու     ներքին գործերու նախարարութեան կազմին մէջ անցնիլը:Եըլտըրըմ  ընդգծած է, որ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունեցողները   «հաշիւ պէտք է տան» իրենց  ըրածներու ն համար: