Թուրքիա- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նյուզ»- Պոլիս) Քրտական PKK -ի զինեալներ յարձակում մը կատարած են Թուրքիոյ Սիրթ քաղաքին մէջ: Անոնք թիրախաւորած են թրքական ընկերութեան մը կազատար խողովակաշարը: Ըստ նախնական տուեալներու, գրոհէն ետք ծագած է հրդեհ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ թրքական բանակի ջոկատներ մարտի բռնուած են քիւրտ զինեալներուն հետ: Զոհերու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր: