Իր Պաքու գտնուած ընթացքին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ այցելած, այսպէս կոչուած, «շահիտներու ծառուղի»ն:
Յիշեցնենք, որ այնտեղ թաղուած են 1990 թուականի 13-19 յունուարին Պաքուի մէջ հայերու կոտորածի կազմակերպիչներն ու իրագործողները, որոնց գործողութիւններուն զոհ դարձած են նաեւ քաղաք մտած Խորհրդային բանակի մի քանի ռուս զինծառայողներ:
Աւելի վաղ ՝ Փութինը ինչպէս նաեւ 2008-2012 թուականներուն Ռուսաստանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնող Տիմիթրի Մետվետեւ, Ազրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ առաջարկուող պաշտօնական արարողութեան համաձայն, այցելած են «Շահիտներու ծառուղի» եւ փաստացի յարգած՝ մարդասպաններու յիշատակը, որոնց Պաքուի մէջ «երկրի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պայքարի մարտիկներ» կը կոչեն:
Կրկին վերադառնալով վարչապետի պաշտօնին՝ Տիմիդրի Մետվետեւը վերջերս դարձեալ այցելած է «շահիտներու ծառուղի», ինչը հայ հասարակութեան մօտ արդարացի զայրոյթ առաջացուցած է: