Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկօրեայ այցով մեկնած Է Ճափոն: Անոր ինքնաթիռը վայրէջք կատարած է Հոնսեու կղզիին վրայ, ուրկէ ան ուղեւորուած Է Նակաթօ քաղաք՝ բանակցելու Ճափոնի վարչապետ Սինծօ Ապէին հետ, կը տեղեկացնէ «ՏԱՍՍ»:
Նակաթոյի բանակցութիւնները բաղկացած պիտի ըլլան երեք մասէ՝ ղեկավարներու հանդիպում նեղ կազմով՝ կողմերու պատուիրակութիւններու միայն քանի մը անդամներու մասնակցութեամբ, Փութինի եւ Ապէի դէմ առ դէմ զրոյցը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային ճաշկերոյթը՝ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացմամբ զբաղող առաջատար նախարարներու մասնակցութեամբ:
Այցի երկրորդ օրը՝ 16 Դեկտեմբերին Փութին եւ Ապէ Թոքիոյի մէջ համատեղ միջոցառումներու պիտի մասնակցին: Քրեմլին յայտարարած է, որ Նակաթոյի եւ Թոքիոյի բանակցութիւններու ընթացքին մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման: Կ'ակնկալուի, որ Թոքիոյի բանակցութիւններէն ետք երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ ստորագրուի շուրջ մէկ տասնեակ միջպետական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ 12-15 կարեւորագոյն առեւտրային համաձայնագրեր ու պիզնեսի ոլորտի շուրջ 50 այլ փաստաթուղթեր: