image

Փութին-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Փութին-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէբ Թայիբ Էրտողան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս Հալէպի մէջ դրութիւնը: Կողմերը ընդգծած են մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ խնդիրը քաղաքական ճանապարհով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Փութին ցաւակցութիւն յայտնած է Կեսարիոյ մէջ իրականացուած ահաբեկչութեան առնչութեամբ: