Փերուի հարաւը տեղի ունացած վթարի հետեւանքով ինքնաշարժ մը ինկած է 300 մէթր խորութեամբ անդունդը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «La Republica» պարբերականը, նշելով որ վթարի հետեւանքով զոհուած է 12 մարդ, իսկ մէկ մեծահասակ եւ երկու երեխայ, վիրաւորուած են ու տեղափոխուած՝ հիւանդանոց:
Աղբիւրի համաձայն, դէպքի պատճառները ցարդ անյայտ են: