Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ընդհանուր Գործողութիւններու վարչութեան պետ Վիքթոր Փոզնիխր 15 Դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ բանակը, ռուսական օդուժի օժանդակութեամբ, խաղաղութիւն հաստատած է Փալմիրա քաղաքի շրջակայքը, կասեցնելով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման յարձակումները: Այս մասին կը հաղորդէ «RT Arabic» լրատուական կայքը:
Նախարարութեան աշխատակիցը նշած է նաեւ, որ Ռուսիա ամէն տեսակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Սուրիոյ՝ «Տահէշ»ի դէմ հակայարձակում իրականացնելու եւ Փալմիրա քաղաքը վերստին ազատագրելու համար:
Յիշեցնենք, որ «Տահէշ» խմբաւորման զինեալները սոյն թուականի 9 Դեկտեմբերին ներխուժած էին Փալմիրա քաղաք, եւ Սուրիոյ բանակին դէմ ահեղ մարտեր մղելէ ետք, 11 Դեկտեմբերին վերատիրացած էին քաղաքին: