Լիբանան- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններուն տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, որ զոյգ վարժարաններու աշակերտները փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին 2014-2015 տարեշրջանին պրէօվէի, Բ. պաքալորէայի եւ թեքնիքըլ պաքալորէայի պետական քննութիւններուն: Քննութիւններուն ներկայացան ընդհանուրը 117 աշակերտներ, որոնցմէ 108-ը յաջողեցան, զոյգ վարժարաններու յաջողութեան խառն համեմատութիւնը հասցնելով 92.31 առ հարիւրի:
Բ. Պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացան 33 աշակերտներ, որոնցմէ 31-ը յաջողեցան. պրէօվէի քննութիւններուն ներկայացան 22 աշակերտներ, որոնցմէ 19-ը յաջողեցան: Պրէօվէի յաջողութեան համեմատութիւնը կազմեց 86.36 առ հարիւր, Բ. պաքալորէայինը՝ 93.94 առ հարիւր:
Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանէն պետական քննութիւններուն ներկայացան BP, BT եւ TS դասարաններու 62 աշակերտներ, որոնցմէ 58-ը յաջողեցան, հաստատելով յաջողութեան 93.55 առ հարիւր համեմատութիւն:
Մեսրոպեան զոյգ վարժարաններու տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար: