Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կարապետ Ամպարճեանը: Հալէպահայ յայտնի գործարարը երկար տարիներ ծառայած է քաղաքի Ազգային կառոյցներուն ու մասնաւորապէս եղած է խնամակալ Հալէպի ազգային պատսպարանին: Ան իր ցուցաբերած նուիրումին համար արժանացած է Սուրիոյ երեք հայ համայնքապետերու «Ծառայութեան պատուոյ շքանշան» ին: Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը պիտի կատարուին Պէյրութի մէջ: