image

Պէյրութի մէջ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին նուիրուած ձեռնարկ

Պէյրութի մէջ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին նուիրուած ձեռնարկ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի տեղական վարչութիւնը կազմակերպած է երեկոյ մը, նուիրուած Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի կեանքի եւ ստեղծագործական ուղիին: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի 4 մայիսին, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնէն ներս, ուր հայ կաթողիկէ Զմմառեան ուխտի վաստակաւոր միաբան  Անդրանիկ վրդ. Կռանեանի մասին պիտի ներկայացնեն լրագրող, խմբագիր՝ Սարգիս Նաճարեանն ու «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեանը: