Լիբանան- Մխիթարեան միաբանութեան հովանաւորութեամբ գործող հայկական վարժարանը վաճառքի հանուած է: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի աղբիւրներէն: Մեր տիրապետած տեղեկութեանց համաձայն Պէյրութի Հազմիյէ շրջանին մէջ գտնուող «Մխիթարեան վարժարանը» ներկայիս կը յաճախեն 270 աշակերտներ: Դպրոցը, որ բաւական մեծ աւանդ ունեցող կրթական ուսումնարան է, վաճառքի հանուած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան ունեցած նիւթական ծանր վիճակին հետեւանքով: Նշենք, որ Լիբանանի արաբատառ մամուլը եւս արձագանքած է այս հարցին վերաբերեալ եւ մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներ գրած են, թէ դպրոցը պիտի վաճառուի 35 միլիոն ամերիկեան տոլարի: