Պէյրութահայ Մհեր Սարգիսեան Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին մեկնած է դիրքեր: Այս մասին վերահասու կը դառնանք անոր Ֆէյսպուքեան էջէն: Յիշեցնենք, որ Մհեր Սարգիսեան յեղափոխական եւ ազգային երգերու մեկնաբան է եւ երգահանդէսներով ելոյթներ ունեցած է մասնաւորապէս Պէյրութի եւ տարբեր երկիրներու մէջ: