image
Հրատապ լուրեր:

Պայտընի յաղթանակը եւ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը. Bank of America-ի արձագանքը

Պայտընի յաղթանակը եւ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը. Bank of America-ի արձագանքը

Bank of America-ի (ամերիկեան ֆինանսական համախմբութիւն) կարծիքով՝ նախագահական ընտրութիւններուն Ճօ Պայտընի յաղթանակը կարող է դրական հետեւանքներ ունենալ ռուսական շուկային համար, յայտնած է ռուսական gazeta.ru –ն:  

Ըստ ֆինանսական համախմբութեան՝ դեմոկրատներու օրօք, ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը կարող է աւելի կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչ որ, իր հերթին, կարող է բարձրացնել ռուսական աքթիւներու արժեթուղթերու շուկայական գինը: Ասիկա դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ նաեւ շուկային վրայ, սակայն հարկաւոր է յստակ փոփոխութիւններ ընել:

Այնուամենայնիւ, Ճօ Պայտըն ստիպուած պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ վերանայիլ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներու հանդէպ մօտեցումը եւ համահունչ ռազմավարութիւն մշակել: Միացեալ Նահանգները չի կրնար պարզապէս վերադառնալ սթաթուս քուոյին (կարգավիճակ), որ կար Տանըլտ Թրամբի նախագահութենէն առաջ:

Այժմ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենաստորին մակարդակին վրայ, եւ անոնց հետագայ վատթարացումը, առանց ամբողջ աշխարհի սպառնալիքներուն, գործնականօրէն անիրատեսական է, կը կարծէ Bank of America-ն: Ուստի Պայտընի վարչակազմը պէտք է աւելի ճկուն ըլլայ: Ֆինանսական ընկերութեան փորձագէտները կ'ակնկալեն, որ Ուաշինկթոնի քաղաքականութիւնը դառնայ աւելի կանխատեսելի եւ նուազ լարուած: Այնուամենայնիւ, անոնք համոզուած են, որ Քրեմլինի հետ յարաբերութիւնները դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ սկսիլ ոչինչէն, ինչպէս նախագահներ՝ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Պարաք Օպամայի օրօք:

«Ես կը ցանկայի շեշտել, որ մենք չենք ըսեր, որ խօսքը Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու արմատական բարելաւման մասին է... Այս յարաբերութիւնները դառնան աւելի աւանդական, աւելի կանխատեսելի եւ, յոյսով ենք, աւելի կայուն», - ըսած է  Bank of America-ի` Ռուսաստանի եւ ԱՊՀ (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն) երկիրներու հարցերով գլխաւոր տնտեսագէտ՝ Վլատիմիր Օսաքովսքին:

Յարաբերութիւններու բարելաւման համար կարեւոր ելակէտ կրնայ ըլլալ New Start պայմանագրով ամրագրուած զինաթափման մասին կէտերու երկարաձգումը, որմով երկու կողմն ալ շահագրգռուած է: Բացի այդ, Իրանի կորիզային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարող է կառուցողական երկխօսութեան հնարաւորութիւն տալ:

Ֆինանսական ընկերութեան վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը 2021 թուականի վերջին, պիտի արձանագրէ 3.4 տոկոս աճ, մինչդեռ 2020 թուականին անիկա 3.8 տոկոս անկում անձանագրած էր: Ըստ մասնագէտներուն՝ ռուսական տնտեսութիւնը մինչեւ 2022 թուական ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի, վերադառնալով նախաճգնաժամային մակարդակին:

Աւելի վաղ, New York Times-ը նշած էր, որ չնայած արտայայտուած հակառուսական հռետորաբանութեան, Պայտըն ստիպուած պիտի ըլլայ համագործակցիլ Ռուսաստանի եւ անոր նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այդ մէկը անհրաժեշտ է ամերիկեան ապագայ վարչակազմին, լուծելու համար շատ կարեւոր խնդիրներ, որոնց կարգին են զինամթերքի վերահսկումը, կլիմայի փոփոխութեան եւ COVID-19 համաճարակի դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի կայունացումը:

Այսպիսով պաշտօնական Ուաշինկթոնը երկակի քաղաքականութիւն պիտի վարէ` մէկ կողմէն զսպէ Քրեմլինի յաւակնութիւնները, իսկ միւս կողմէն՝ համագործակցի անոր հետ, միջազգային խնդիրները լուծելու նպատակով:

Դեկտեմբերի սկզբին Ճօ Պայտըն CNN- ին ըսած էր, որ իր երդմնակալութենէն յետոյ կը ցանկայ փոխել արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ ԱՄՆ-ի պաշտօնական մօտեցումը, զայն դարձնելով բազմակողմանի, «Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ հարցերը լուծելու նպատակով» դաշնակիցներ ներգրաւելով:

Պայտըն նաեւ մեղադրած է ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահ՝ Տանըլտ Թրամբը,  արտաքին քաղաքականութեան ոչ պատշաճ մօտեցում ցուցաբերելու համար:

«Տեսէք, թէ ան ինչ կ'ընէ: Կը մտերմանայ բոլոր բռնապետերուն հետ եւ մատը կը մտցնէ մեր բոլոր ընկերներուն աչքը», - ըսած էր Պայտըն:

Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին, 24 նոյեմբերին ՌԴ արտաքին գործոց փոխ նախարար՝ Սերկէյ Ռեապքով ըսած է, որ Ռուսաստան չի կրնար յուսալ, որ ԱՄՆ-ի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխուժօրէն կը բարելաւուին նոր նախագահի երդմնակալութենէն յետոյ:

Համաձայն փոխ նախարարի յայտարարութեան՝ ով ալ յայտնուի Սպիտակ տան մէջ, յարաբերութիւնները արագօրէն պիտի չբարելաւուին: Ռուս դիւանագէտը, այս իրավիճակը բացատրած է Ռուսաստանի նկատմամբ մօտեցումներու անփոփոխութեամբ, որոնք ամրագրուած են Միացեալ Նահանգներու հայեցակարգային փաստաթղթերով, ինչպէս նաեւ Թրամբի օրօք ընդունուած շարք մը փաստաթղթերով: