Թուրքիա- («Անատոլու»- Պոլիս) Պայթում մը գրանցուած է Թուրքիոյ Շըրնաք շրջանին մէջ: Ըստ «Անատոլու»ին, պայթումը եղած է շրջանին մէջ ապահովական շրջայց կատարող զինուորական կառքի մը անցնելու պահուն: Սիլոբի շրջանին մէջ եղած պայթումին հետեւանքով զոհուած են 4 անձեր եւ կան 19 վիրաւորներ: Վիրաւորներէն ոմանք ծանր դրութեան մէջ են, անոնց 5-ը ոստիկաններ են: