image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուին Զէնք Մատակարարելու Խնդրով Հայաստան Թէլ Աւիւին Բողոք Ներկայայցուց.Haaretz

Պաքուին Զէնք  Մատակարարելու Խնդրով Հայաստան   Թէլ Աւիւին Բողոք Ներկայայցուց.Haaretz

Ըստ իսրայէլեան Haaretz թերթին, Հայաստան բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլին,   Պաքուին  զէնք վաճառելու  խնդրով:Թերթին հրապարակման համաձայն, Հայաստան այդ բողոքը կատարած է այն դէպքէն ետք, երբ ազրպէյճանական բանակը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման ժամանակ իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու անձնասպանական սարք գործածած է: «Երուսաղէմի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը յայտարարեց, որ հայկական կողմը բողոք ներկայացուցած է Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի մատակարարումներու առիթով, զէնքեր որոնք գործածուած են հայկական բանակին դէմ», կը գրէ իսրայէլեան թերթը: