image

«Պակասաւոր» համաձայնութիւն մը

«Պակասաւոր» համաձայնութիւն մը

երազանցօրէն կարեւոր ժամանակներ կ՚ապրինք։ Աշխարհը պրկուած հայեացքներով հետեւեցաւ օրեր առաջ Սպիտակ տան մէջ կայացած համաձայնութեան, որու հիմքով ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ համաձայնութեան դաշինք մը ստորագրեցին Իսրայէլի հետ։

Շատերու համար անսպասելի եւ նոյնիսկ անակնկալ համարուած այս զարգացումը վերջին տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին մէջ գոյացած ամենակարեւոր ձեռքսեղմումը պիտի սեպուի, մանաւանդ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ հիմնարար տեղ ունեցող արաբ-իսրայէլեան հակամարտութտուն երկրորդ մուտքը, բայց եւ այնպէս աւելի քան յստակ է, որ Պարսից ծոցին մէջ նոր իրավիճակի մը ստեղծումով ԱՄՆ մի քանի հեռահար ծրագիրներու մեկնարկը կատարեց։

Խօսքը անշուշտ գոյացող նոր պլոքի մասին է, որուն անդամն են (ցարդ) Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը եւ որուն շատ հաւանաբար պիտի միանան Օմանը, Սուտանը ու աւելի ուշ Սէուտական Արաբիան։ Ամէն պարագայի Սէուտեան թագաւորութեան մասին ճշգրիտ դիտարկումներ կատարելը բաւականին անշնորհակալ գործ պիտի ըլլայ, մանաւանդ, որ Իսրայէլի հետ մերձեցման որեւէ փորձ վերջինիս կողմէ, պիտի համարուի շիի աշխարհին նետուած ձեռնոց եւ պիտի «օրինականացնէ» նոյն շիիներու սրբազան «մինի» պատերազմներ յայտարարելու ընտրանքը։

Մինչ այդ, կայ նաեւ այս համաձայնութենէն պաղեստինեան թեւին բացակայութիւնը, որ աւելի կը խորացնէ մինչեւ հիմա բիւննիներուն եւ պաղեստինեան ճակատին միջեւ առկայ վիհը եւ հեռաւորութիւնը կը դարձնէ տեղ մը անհասնելի ու անբուժելի վէրք։

Գալով շրջանային միւս խաղացողներուն, դէպի Իսրայէլ կատարուած այս ցատքը Արաբական Էմիրութիւնները կը դարձնէ աւելի «անվտանգ» եւ կերպով մը սիւննիական «մոտեռն» թեւի յառաջատարը, որուն համար ալ շատ կարեւոր է մնալ արեւմտեան աշխարհի սիրելի բարեկամն ու նոր Մերձաւոր Արեւելքի «լուսաւոր» կայանը։

Միւս կողմէ, այս համաձայնութիւնը կերպով մը աւելիով կը սեղմէ Իրանի շուրջ նետուած պարանին օղակը եւ կ՚արտօնէ, որ Թեհրան-Անգարա կապերը դառնան աւելի ամուր, իրենց մէջ ներգրաւելով Դամասկոսը, Պէյրութի մէկ մասը, պայքարող Եմէնը եւ Պարսից ծոցի միակ «պարսիկ» խաղացող՝ Քաթարը։

Այս է իրական պատկերը այսօր եւ յստակ է նաեւ, որ Թրամփի փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէրի կողմէ ընդգծուած այս նոր սահմանները Մերձաւոր Արեւելքի այս ժամանակները պիտի դարձնեն աւելի լարուած եւ տեսադաշտէն հեռացնեն ամբողջական լուծումներ բերելու փուլը, որուն համար գլխաւոր ճարտարապետի դեր ստանձնած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն։

Աւելի արդար, մարդկային եւ հաւասարութեան մօտեցող իր տեսլականով Քլինթըն կը հաստատէր, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծումը կարելի է կերտել միմիայն արդար ծրագրով մը, որուն մէջ անշուշտ կարեւոր եւ հիմնարար տեղ ու դեր պիտի ունենան անարդարուած պաղեստինցիները։

Ամէն պարագայի, աւելի քան յստակ է, որ Սպիտակ տան համաձայնութիւնը տակաւին երկար ճանապարհ ունի կտրելիք եւ ինչպէս ընդունուած է ըսել «դեռ շատ ջուր» կը շալկէ, հիմնարարը անշուշտ ամբողջ շրջանին համար խաղաղութեան նոր ժամանակ մը բանալն է, որուն համար ալ պէտք են նախ եւ առաջ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար «կռիւ տուող» իրական ղեկավարներ, որոնք այսօր չեն երեւիր մեր տեսադաշտին վրայ։

 

 

Սագօ  Արեան 

 «Ժամանակ»/Պոլիս