Իրաքի կառավարութիւնը երկուշաբթի օրուընէ ի վեր Քիւրտիստանի իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ կը վարէ, նպատակ ունենալով կողմերու միջեւ առկայ հակամարտութիւնը վերացնել:
Իրաքեան խորհրդարանի մէջ Քիւրտիստանը ներկայացնող պատգամաւոր Ահմատ Հիմմա «Սփութնիք»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ կողմերը ներկայիս արձանագրութիւն կազմելու հանգրուանին հասած են:
Պատգամաւորին փոխանցմամբ, Քիւրտիստան այցելած պատուիրակութեան կազմին մէջ ներառուած են տարբեր նախարարութիւններէ պաշտօնեաներ, իսկ քննարկուած թեմաներէն գլխաւորներն էին նաւթը, սահմանային անցակէտերը, օդակայանները, աշխատավարձերը, պիւտճէն, եկամուտներն ու հարկերը:
Զրոյցի աւարտին պատգամաւորը յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերու ընթացքին քրտական կուսակցութիւններու անդամներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը Պաղտատ պիտի այցելէ, քննարկելու համար ընտրութիւններու եւ ապագայ համագործակցութեան խնդիրները: