Իրան- («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Իրանի մէջ երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի համախոհները համոզիչ յաղթանակ մը տարած են: Այս մասին կը գրէ «Ալ Հայաթ»ը, որ նաեւ կը յայտնէ, որ ըստ նախնական տուեալներու Ռոհանիի թեւը համարուող բարենորոգչականները յաջողած են գրաւել 33 աթոռներ, մինչ պահպանողականներուն բաժին ինկած է 21 աթոռ: Այս տուեալներուն համաձայն եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին լրումով Ռոհանիի համախոհները 146 աթոռով պիտի յաջողին մեծամասնութիւն կազմել խորհրդարանին մէջ: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ այս տուեալները պաշտօնական չեն: