Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մտաւորական եւ կրթական մշակ Հայկ Նագգաշեան: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն: Պէյրութ ծնած Նագգաշեան երկրորդական ուսումը ստացած է Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ 1946-1948 պաշտօնավարած է Ամմանի ազգային վարժարանին մէջ, միաժամանակ Պէյրութի մէջ 1948-1951-ին կը ստանձնէ Հ.Բ.Ը. Միութեան առաջին Կրթական յանձնախումբին քարտուղարութիւնը, միեւնոյն ատեն պաշտօնավարելով իբրեւ օգնական խմբագիր՝ «Զարթօնք» օրաթերթին և իբրեւ վարչական գործակատար՝ «Անի» ամսագրին։ 1951-1958 կը պաշտօնավարէ Ատիս Ապապայի հայոց վարժարանին մէջ։ Ապա կը ստանձնէ գերմանական դեղերու և քիմիական նիւթերու աշխարհահռչակ «Պայեր» ընկերութեան շրջուն ներկայացուցիչի պաշտօնը, իր այդ հանգամանքով շրջելով ամբողջ Եթովպիան եւ արեւելեան ափրիկէի զանազան շրջանները։ Ան կը հանդիսանայ Եթովպահայ գաղութի մտաւորական առաջնորդներէն մէկը, ստանձնելով «Արարատ» Միութեան ատենապետութիւնը եւ Ուսումնական Խորհուրդին ատենադպրութիւնը։ Քանի մը գրասէր գործակիցներու օգնութեամբ հիմնած ու խմբագրած է «Փիւնիկ» ամսագիրը, որ հրատարակուած է շուրջ երեք տարի։ 1964-էն սկսեալ Նագգաշեան կ'աշխատակցի «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար», «Նոր Օր» օրաթերթներուն եւ «Շիրակ» ամսագրին, իբր խմբագրական կազմին անդամ. կը վարէ նաեւ անոր վարչական տնօրէնութիւնը։ Հրատարակուած են իր հետեւեալ հատորները Պէյրութի մէջ. «Որսորդի Ուղիներով», պատմուածքներ(1979), «Մարկերիթայի Առիւծները» (1981), «Անաւարտ Պատմութիւն» (1984), «Սրբազան Ծառին տակ» (1985), «Դէպի ինքնութիւն» , ազգային-ընկերային խորքով վիպակ մը (1986) և «Բնութեան Կանչը» (1994): Երեւանի մէջ հրատարակուած է «Ափրիկեան Անտառներուն մէջ» (1982) գիրքը: 1989-ի վերջաւորութեան, մտաւորական-նորավիպագիրը կը հեռանայ Լիբանանէն եւ ընտանեօք կը փոխադրուին Մոնթրէալ, Գանատա։