Ճիզրէյի մէջ մեծ պայթում մը որոտացած է այս առաւօտ: Թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է Ճիզրէի ոստիկանական մէկ կեդրոնատեղիին մօտ: Պայթումին ցնցումները զգացուած են ղոնախ եւ Ճուտի շրջաններուն մէջ, ուր շէնքերու ապակիներ փշրուած են: Ըստ նախնական տուեալներու զոհուած են 8 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 50-ը: Տեղի ոստիկանութիւնը թակած է Ճիզրէ տանող բոլոր ճանապարհները: