image

Մեսրոպեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Մասնակցին Հանրօգուտ Արշաւի Մը (Լուսանկար)

Մեսրոպեան Վարժարանի  Աշակերտները    Կը Մասնակցին  Հանրօգուտ Արշաւի Մը (Լուսանկար)

T.E.R.R.E.  Liban կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը միացաւ Լիբանանի մէջ աղբերու զտման հանրային արշաւին, որուն նպատակն է կենսոլորտային առումով յարմարագոյն լուծումը առաջադրել աղբերու տագնապին, որուն մէջ է մեր երկիրը երկար ժամանակէ ի վեր:

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-էն սկսեալ, Մեսրոպեանի 33 աշակերտներէ բաղկացած  կամաւորներու խումբը  պիտի սկսի շրջիլ Պուրճ Համուտի բնակարանները, աղբերու զտման եղանակին եւ օգուտներուն մասին գործնական եւ խորհրդատուական օժանդակութիւն առաջարկելու համար քաղաքացիներուն: Աշակերտները քաղաքացիներուն պիտի տրամադրեն յատուկ պարկեր եւ արկղներ եւ անոնց պիտի առաջարկեն  կատարել ոչ-օրկանական աղբերու զտում: Աղբերու պարկերը կանոնաւոր ժամանակացոյցի մը համաձայն պիտի հաւաքուին ու տեղափոխուին վերամշակման կեդրոններ՝ T.E.R.R.E.  Liban կազմակերպութեան միջոցներով: Աղբերու զտման կէտեր պիտի հաստատուին նաեւ վարժարանին մէջ, աշակերտները վարժեցնելու համար կենսոլորտի եւ նիւթերու խնայողութեան այս դրութեան:

 

 Հոկտեմբեր 23-ին, T.E.R.R.E.  Liban կազմակերպութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Մեսրոպեանի կենսոլորտի պահպանութեան աշակերտական խմբակի անդամներուն հետ եւ անոնց բացատրեցին նշեալ աշխատանքին նկարագիրը՝ իր տարբեր կողմերով:

Նշենք, որ T.E.R.R.E.  Liban Լիբանանի ոչ-կառավարական ամենաաշխուժ կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ կենսոլորտի պաշտպանութեան յայտնի գործիչ Փօլ Ապի Ռաշէտի ղեկավարութեամբ մեծապէս կը նպաստէ երիտասարդութեան մօտ կենսոլորտի պաշտպանութեան գիտակցութեան կազմաւորման:

Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կ՛ակնկալէ քաղաքացիներուն եւ մանաւանդ ծնողներու զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ այս օգտաշատ ծրագրի իրականացման մէջ: