image

Մե՜ղք քեզի, սիրելի Լիբանան

Մե՜ղք  քեզի, սիրելի Լիբանան

Լիբանան ծնած ու սնած եւ գաղթական դարձած հայս, որուն արեան մէջ կան անոր կերակրատեսակի համն ու հոտը, հոգւոյն մէջ՝ անոր իմացականութեան դրոշմը, սրտին մէջ՝ անոր յիշատակներով քաղցրացած սէրն ու գուր­գուրանքը, ցաւն ու թախիծը կը լեցնեն ներաշխարհս՝ հեռուէն դիտելով ու տեսնելով այն անել եւ անճարակ վի­ճակը, որուն մէջ զինք դրին իր ներքին ու արտաքին նենգ ուժերը։

Ցաւն ու թախիծը շրջանցելով՝ մեղքցայ Անթոնիոս Թաշճեան կոչուող հայու մը, որ վերջերս The Arme­nian Weekly շաբաթաթերթին մէջ “Is Lebanon Really Home?” (Լիբանան իսկապէս տո՞ւն է) վերնագրով գրու­թեան մէջ իր դառնութիւնը կը թափէ Լիբանանի գլխուն՝ ըսելով, թէ Լիբանան ապրած շրջանին, որպէս հայ ճա­շակած է ծաղ­րանքի (ridicule), նախապաշարումի (prejudice) եւ ցեղապաշտութեան (racism) բոլոր տեսակ­նե­րը։ Խոստովա­նե­լով հանդերձ, որ չէ ապրած հայկական թաղի մէջ, չէ յաճախած հայկական դպրոց, չէ ու­նե­ցած հայ ընկերներ եւ չէ սորված հայերէն գրել ու կարդալ՝ ելած է մեզի քարոզելու, թէ վերջերս քանի մը խու­լիկաններու թրքական դրօ­շակներով տողանցելը Պէյրութի փողոցներով՝ բաւարար պատճառ է, որ հայը զգայ, թէ Լիբանան այլեւս այն երկիրը չէ, ուր ան կը զգայ իսկապէս լաւ ընդունուած (welcomed), պաշտ­պա­նուած (protected), շոյուած կամ փայ­փայուած (cherished), գնահատուած (appreciated) ու սիրուած (loved)։

Ես եւ ինծի նման շատ մը լիբանանցի հայեր բացարձակապէս կը մերժեն «ժումլաթան ու թաֆսիլան» (բո­լո­րո­վին եւ մանրամասնօրէն), ինչպէս պիտի ըսուէր արաբերէնով, նման անիմաստ եւ անտեղի մեկնա­բա­նութիւն­ներ, որովհետեւ Անթոնիոսի նկարագրած Լիբանանը գոյութիւն ունի միայն իր «բանտարկեալ» ան­ձին մէջ, որ չէ գիտցած բացուիլ Լիբանանին... եւ դարձած է գերին իր ընկերազուրկ անձին...։ Մենք ալ ապ­րե­ցանք Լիբանանի մէջ եւ որեւէ մէկը մեր ոտքը չկապեց հայութեամբ չհպարտանալու ու հայօրէն ազատ չշնչելու։ Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ խոստովանինք, թէ Լիբանանի կը պարտինք մեր ինքնահաւան հա­մարձակութիւնը, որ բանալին է մեր բոլոր յաջողութիւններուն։ Այդպիսի յօդուած մը անգլերէնով գրելը եւ անոր տպուիլը Ամերիկայի մէջ՝ ո՛չ Լի­բա­նանի հայութեան կը ծառայէ, ո՛չ թերթին տէրերուն շահին, ո՛չ ալ ճշմար­տութեան։

Հարիւր տարեկան Լիբանանը, որ ծնունդ առաւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ 1920-ին՝ որպէս ա­րա­բախօս քրիստոնեաներուն հայրենիքը Միջին Արեւելքի մէջ, տեսաւ եւրոպականացումի նախանձելի զար­թօնք մը՝ օգտուելով հոգատար Ֆրանսայի մշակութային ու կրթական բարձրորակ գործօններէն եւ տուեալ­նե­րէն, եղաւ նաեւ սփիւռքահայութեան ամէնէն շատ հայօրէն բաբախող սիրտն ու զօրաւոր բազուկը։ Քրիս­տոնեայ Լիբանանի մէջ հայուն տրուած համայնքային իրաւունքները, 1926 թուականէն սկսեալ, երբեք ուրիշ տեղ նմանը չտրուեցան Սփիւռքի տարածքին։ Հոնկէ արտադրուեցան Հայ Սփիւռքին գիրք ու գործիչ հայ­թայ­թող կենսանիւթերը հայա­պահ­պանման եւ Հայ Դատի հետապնդման։ Հոնկէ դուրս եկաւ կտրիճ, վրի­ժա­ռու այն երիտասարդութիւնը, որ աշխարհին լսելի դարձուց հայուն պահանջատիրութեան ձայնը՝ հաւա­տա­րիմ նախանձախնդրութեամբ վեր բռնե­լով նահատակներուն կտակը։

Միջազգային եւ լիբանանեան լուրերուն հետեւելով՝ ընթերցողներուս ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել եր­կու իրողութիւններ, որոնք Լիբանանի ներկայ վիճակին մռայլ պատկերը ցոյց կու տան։

Առաջինը՝ 2019 թուականի դեկտեմբերին Ամերիկայի Քոնկրեսին կողմէ արձակուած The Caesar Syria Civil­ian Protection Act կոչուող օրէնքը, որ գործի դրուեցաւ 17 յունիս 2020 թուականէն սկսեալ, Լիբանանը դրաւ ամե­րիկեան պատժամիջոցներու գօտիին մէջ՝ զայն դարձնելով տնտեսական սեղմումներու եւ զրկանք­նե­րու առար­կայ՝ Սուրիոյ հետ անոր ունեցած սերտ գործակցութեան պատճառաւ։ Սուրիա կախեալ է Լի­բա­նանի դրամա­տնա­յին համակարգէն, որպէսզի կարենայ մուտք գործել միջազգային տնտեսական ու ելեւ­մտական ցանցերէն ներս եւ ստանայ ամերիկեան տոլարներ, հետեւաբար՝ Սուրիան պատժելու Ամերիկայի օրէնքը նպատակ ունի նաեւ պատժել Լիբանանը։ Ամերիկայի ներքին եւ արտաքին արբանեակները վեր­ջերս պատճառ դարձան, որ Լի­բա­նանի տնտեսական վիճակը վատթարանայ եւ դրամանիշը վայրէջք ապրի։ Աւազակախումբեր ներսէն կողոպ­տե­ցին երկիրը, եւ դուրսէն եկող հարուածներն ալ կ’ուզեն սովի մատ­նել ապրիլ սիրող ու գիտցող լիբանանցիները։

Երկրորդը՝ Լիբանանի MTV հեռատեսիլէն Մարսել Ղանեմի «Սար ըլ Ուաքթ» յայտագրի ընթացքին ճանչ­ցուած քաղաքական ու տնտեսական մեկնաբան Ժորժ Ղանեմի ընդվզումն էր, որ անցեալ շաբաթ իր մեկնա­բա­նու­թիւնը քանի մը վայրկեանի մէջ ամփոփելով՝ ըսաւ, թէ հակառակ իր նախորդ մանրամասն վերլուծումներուն ու բացատրութիւններուն՝ այս անգամ ըսելիք բան չունէր եւ վայրկեանով մը վերջ դրաւ յայտագրին իր մասնա­կցու­թեան՝ հաստատելով անել ու խղճալի վիճակը Լիբանանի։

Մե՜ղք քեզի, Լիբանա՛ն, ո՜վ դուն հարս Միջին Արեւելքի, մե՜ղք, որ աւատապետերդ քեզ այսքա՜ն բռնա­բարե­ցին եւ բարեկամներդ ալ քեզ այսքա՜ն աղքատութեան գրկին մէջ զետեղեցին։ Դուն, որ գեղեցկագոյնն ես գեղե­ցիկ­ներուն մէջ եւ ամէնէն ճաշակաւորը ճաշատեսակովդ ու արդուզարդովդ, ամէնէն ընկերայինը ապրելա­կեր­պովդ, դուն, որ ծովիդ, ջուրիդ եւ լեռներուդ հմայքով գրաւած ես սիրտերը քեզ ճանչցողներուն, դուն, որ դարերէն կու գաս ու տակաւին պիտի երթաս դարեր, ոտքի՛ ել, քեզի վայել չէ այս անկումը, որքան ալ դժուար ըլլան հա­րուած­ները անոնց, որոնք կ’ուզեն քեզ ծունկի բերել։ Վանէ՛ մէջէդ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն քեզ պատժել գե­ղեց­կութիւնդ չհանդուրժող նախանձով լեցուն։ Դարեր ես քալեր արաբ քրիստոնեաներուն որպէս ապաստան եւ դար մը ամբողջ՝ որպէս հայրենական տուն. ոտքի՛ ել իրենց համար եւ մեզի՝ հայերուս, որպէսզի մնաս սիրտն ու բազկերակը սփիւռքահայութեան։