Լիբանան ծնած ու սնած եւ գաղթական դարձած հայս, որուն արեան մէջ կան անոր կերակրատեսակի համն ու հոտը, հոգւոյն մէջ՝ անոր իմացականութեան դրոշմը, սրտին մէջ՝ անոր յիշատակներով քաղցրացած սէրն ու գուրգուրանքը, ցաւն ու թախիծը կը լեցնեն ներաշխարհս՝ հեռուէն դիտելով ու տեսնելով այն անել եւ անճարակ վիճակը, որուն մէջ զինք դրին իր ներքին ու արտաքին նենգ ուժերը։
Ցաւն ու թախիծը շրջանցելով՝ մեղքցայ Անթոնիոս Թաշճեան կոչուող հայու մը, որ վերջերս The Armenian Weekly շաբաթաթերթին մէջ “Is Lebanon Really Home?” (Լիբանան իսկապէս տո՞ւն է) վերնագրով գրութեան մէջ իր դառնութիւնը կը թափէ Լիբանանի գլխուն՝ ըսելով, թէ Լիբանան ապրած շրջանին, որպէս հայ ճաշակած է ծաղրանքի (ridicule), նախապաշարումի (prejudice) եւ ցեղապաշտութեան (racism) բոլոր տեսակները։ Խոստովանելով հանդերձ, որ չէ ապրած հայկական թաղի մէջ, չէ յաճախած հայկական դպրոց, չէ ունեցած հայ ընկերներ եւ չէ սորված հայերէն գրել ու կարդալ՝ ելած է մեզի քարոզելու, թէ վերջերս քանի մը խուլիկաններու թրքական դրօշակներով տողանցելը Պէյրութի փողոցներով՝ բաւարար պատճառ է, որ հայը զգայ, թէ Լիբանան այլեւս այն երկիրը չէ, ուր ան կը զգայ իսկապէս լաւ ընդունուած (welcomed), պաշտպանուած (protected), շոյուած կամ փայփայուած (cherished), գնահատուած (appreciated) ու սիրուած (loved)։
Ես եւ ինծի նման շատ մը լիբանանցի հայեր բացարձակապէս կը մերժեն «ժումլաթան ու թաֆսիլան» (բոլորովին եւ մանրամասնօրէն), ինչպէս պիտի ըսուէր արաբերէնով, նման անիմաստ եւ անտեղի մեկնաբանութիւններ, որովհետեւ Անթոնիոսի նկարագրած Լիբանանը գոյութիւն ունի միայն իր «բանտարկեալ» անձին մէջ, որ չէ գիտցած բացուիլ Լիբանանին... եւ դարձած է գերին իր ընկերազուրկ անձին...։ Մենք ալ ապրեցանք Լիբանանի մէջ եւ որեւէ մէկը մեր ոտքը չկապեց հայութեամբ չհպարտանալու ու հայօրէն ազատ չշնչելու։ Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ խոստովանինք, թէ Լիբանանի կը պարտինք մեր ինքնահաւան համարձակութիւնը, որ բանալին է մեր բոլոր յաջողութիւններուն։ Այդպիսի յօդուած մը անգլերէնով գրելը եւ անոր տպուիլը Ամերիկայի մէջ՝ ո՛չ Լիբանանի հայութեան կը ծառայէ, ո՛չ թերթին տէրերուն շահին, ո՛չ ալ ճշմարտութեան։
Հարիւր տարեկան Լիբանանը, որ ծնունդ առաւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ 1920-ին՝ որպէս արաբախօս քրիստոնեաներուն հայրենիքը Միջին Արեւելքի մէջ, տեսաւ եւրոպականացումի նախանձելի զարթօնք մը՝ օգտուելով հոգատար Ֆրանսայի մշակութային ու կրթական բարձրորակ գործօններէն եւ տուեալներէն, եղաւ նաեւ սփիւռքահայութեան ամէնէն շատ հայօրէն բաբախող սիրտն ու զօրաւոր բազուկը։ Քրիստոնեայ Լիբանանի մէջ հայուն տրուած համայնքային իրաւունքները, 1926 թուականէն սկսեալ, երբեք ուրիշ տեղ նմանը չտրուեցան Սփիւռքի տարածքին։ Հոնկէ արտադրուեցան Հայ Սփիւռքին գիրք ու գործիչ հայթայթող կենսանիւթերը հայապահպանման եւ Հայ Դատի հետապնդման։ Հոնկէ դուրս եկաւ կտրիճ, վրիժառու այն երիտասարդութիւնը, որ աշխարհին լսելի դարձուց հայուն պահանջատիրութեան ձայնը՝ հաւատարիմ նախանձախնդրութեամբ վեր բռնելով նահատակներուն կտակը։
Միջազգային եւ լիբանանեան լուրերուն հետեւելով՝ ընթերցողներուս ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել երկու իրողութիւններ, որոնք Լիբանանի ներկայ վիճակին մռայլ պատկերը ցոյց կու տան։
Առաջինը՝ 2019 թուականի դեկտեմբերին Ամերիկայի Քոնկրեսին կողմէ արձակուած The Caesar Syria Civilian Protection Act կոչուող օրէնքը, որ գործի դրուեցաւ 17 յունիս 2020 թուականէն սկսեալ, Լիբանանը դրաւ ամերիկեան պատժամիջոցներու գօտիին մէջ՝ զայն դարձնելով տնտեսական սեղմումներու եւ զրկանքներու առարկայ՝ Սուրիոյ հետ անոր ունեցած սերտ գործակցութեան պատճառաւ։ Սուրիա կախեալ է Լիբանանի դրամատնային համակարգէն, որպէսզի կարենայ մուտք գործել միջազգային տնտեսական ու ելեւմտական ցանցերէն ներս եւ ստանայ ամերիկեան տոլարներ, հետեւաբար՝ Սուրիան պատժելու Ամերիկայի օրէնքը նպատակ ունի նաեւ պատժել Լիբանանը։ Ամերիկայի ներքին եւ արտաքին արբանեակները վերջերս պատճառ դարձան, որ Լիբանանի տնտեսական վիճակը վատթարանայ եւ դրամանիշը վայրէջք ապրի։ Աւազակախումբեր ներսէն կողոպտեցին երկիրը, եւ դուրսէն եկող հարուածներն ալ կ’ուզեն սովի մատնել ապրիլ սիրող ու գիտցող լիբանանցիները։
Երկրորդը՝ Լիբանանի MTV հեռատեսիլէն Մարսել Ղանեմի «Սար ըլ Ուաքթ» յայտագրի ընթացքին ճանչցուած քաղաքական ու տնտեսական մեկնաբան Ժորժ Ղանեմի ընդվզումն էր, որ անցեալ շաբաթ իր մեկնաբանութիւնը քանի մը վայրկեանի մէջ ամփոփելով՝ ըսաւ, թէ հակառակ իր նախորդ մանրամասն վերլուծումներուն ու բացատրութիւններուն՝ այս անգամ ըսելիք բան չունէր եւ վայրկեանով մը վերջ դրաւ յայտագրին իր մասնակցութեան՝ հաստատելով անել ու խղճալի վիճակը Լիբանանի։
Մե՜ղք քեզի, Լիբանա՛ն, ո՜վ դուն հարս Միջին Արեւելքի, մե՜ղք, որ աւատապետերդ քեզ այսքա՜ն բռնաբարեցին եւ բարեկամներդ ալ քեզ այսքա՜ն աղքատութեան գրկին մէջ զետեղեցին։ Դուն, որ գեղեցկագոյնն ես գեղեցիկներուն մէջ եւ ամէնէն ճաշակաւորը ճաշատեսակովդ ու արդուզարդովդ, ամէնէն ընկերայինը ապրելակերպովդ, դուն, որ ծովիդ, ջուրիդ եւ լեռներուդ հմայքով գրաւած ես սիրտերը քեզ ճանչցողներուն, դուն, որ դարերէն կու գաս ու տակաւին պիտի երթաս դարեր, ոտքի՛ ել, քեզի վայել չէ այս անկումը, որքան ալ դժուար ըլլան հարուածները անոնց, որոնք կ’ուզեն քեզ ծունկի բերել։ Վանէ՛ մէջէդ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն քեզ պատժել գեղեցկութիւնդ չհանդուրժող նախանձով լեցուն։ Դարեր ես քալեր արաբ քրիստոնեաներուն որպէս ապաստան եւ դար մը ամբողջ՝ որպէս հայրենական տուն. ոտքի՛ ել իրենց համար եւ մեզի՝ հայերուս, որպէսզի մնաս սիրտն ու բազկերակը սփիւռքահայութեան։