Մարտունիի մէջ այսօր յարգած են ազգային հերոս Մոնթէ Մելգոնեանի յիշատակը։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Մարտունիի «Ամարաս» պարբերականը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ Մարտունիի շրջանային ղեկավար Մհեր Օհանեանի ուղեկցութեամբ մարտունեցիք ծաղիկներ տեղադրած են մեծ հերոսի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի պատուանդանին:
Յիշեցնենք, որ այսօր 25 նոյեմբերին Մոնթէ Մելգոնեանը կը դառնար 61 տարեկան։

